2015-01-22 12:44:59

Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետին գործունէութիւնը` հանդիպում Վատիկանի հանրային անվտանգութեան մարմնի անդամներուն հետ։


(Ռատիօ Վատիկան) Հինգշաբթի` 22 յունուար 2015-ի առաւօտեան, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը իր գրասենեակին մէջ յաջորդաբար ընդունեց. Նոր աւետարանութեան քահանայապետական խորհուրդի նախագահ` գերապայծառ Սալավաթորէ Ֆիզիքելլա, գերապայծառ Փիէր Լուիճի Չելաթան, Հռոմի քաղաքապետ` Տիար Ինիացիօ Մարինոն, Ֆինլանտայէն ժամանած ''Էքումենիք'' մէկ պատուիրակութիւն մը հուսկ` կէսօրին, Քլեմենթինա սրահին մէջ, ունկնդրութիւն շնորհեց Վատիկանի հանրային անվտանգութեան տեսչական եւ գործակալ անձնակազմին, անոնց հիմնարկութեան 70-րդ տարեդարձին ու նոր տարուայ բարեմաղթութիւններու փոխանցումի առիթով։
Անոնց արտասանած իր խօսքին մէջ Սրբազան Հայրը արտ յայտեց իր երախտագիտական զգացումները անոնց առօրեայ նուիրեալ աշխատանքին համար ու մատնանշեց նոր տարուայ սպասումներուն եւ յոյսերուն եւ մարդկութիւնը յուզող հորիզոններու վրայ նկատուած ստուերներուն եւ վտանգներուն։
Որպէս քրիստոնեաներ – ըսաւ Նորին Սրբութիւնը – կանչուած ենք չի յուսահատելու։ Մեր յոյսը կառչած է անսասան ժայռի մը որ է Աստուծոյ սէրը որ յայտնուեցաւ ու մեզի պարգեւուեցաւ Յիսուս Քրիստոսի մէջ, մեր Տէրը։ Յիշենք Սուրբ Պօղոսին խօսքերը ''Ով պիտի բաժնէ մեզ Քրիստոսի սէրէն. Նեղութի՞ւնը, անձկութի՞ւնը, հալածա՞նքը, անօթութի՞ւնը, չքաւորութի՞ւնը, վի՞շտը, սո՞ւրը… այս բոլորին մէջ, յաղթական ենք անով որ մեզ սիրեց''։
Նորին Սրբութիւնը ապա ակնարկեց Վատիկանի անվտանգութեան մարմնի անդամներուն աշխատանքի` քրիստոնէական ու մարդկային արժէքներուն ու տածած ծառայութեան` ի սպաս միլիոնաւոր հաւատացեալներուն, որոնք կու գան այցելելու քրիստոնեայ Հռոմին սիրտը։
''Թող անոնցմէ ամէն մին ինք զինք զգայ ապահով ձեր ներկայութեամբ։ Ամէնքս հրաւիրուած ենք պահապան հանդիսանալու մեր մերձաւորին ու Տէրը մեզմէ հաշիւ պիտի պահանջէ մեզի յանձնած այս պարտականութեան համար'' -ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապը ու հրաւիրեց ''հայցել Սուրբ Կոյս Մարիամի պաշտպանութիւնը ու անոր յանձնել մեր մտահոգութիւններն ու յոյսերը որպէսզի կեանքի բոլոր պայմաններուն մէջ կարենանք սիրել, ուրախանալ եւ ապրիլ Աստուծոյ Որդւոյն հաւատքով որ մեզի համար մարդեղացաւ'', եզրափակեց Քահանայապետը, ներկաներէն խնդրելով աղօթել իրեն համար ու ապա օրհնեց զանոնք։








All the contents on this site are copyrighted ©.